Հայ Դատի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուներուն Աւելի Քան 90 Տոկոսը` Յաղթական
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, Օրվա լուր | ankakh | November 4, 2010 16:24
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3ին կը հաղորդէ, թէ Նոյեմբեր 2ին կայացած Քոնկրեսի ընտրութիւններուն ընթացքին, Հայ Դատին աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներէն աւելի քան 90 տոկոսը կրցած է յաղթանակ ապահովել: Այս արդիւնքին կարելի եղաւ հասնիլ` շնորհիւ համացանցային ու հեռաձայնային աննախընթաց ընտրական արշաւի մը, զոր իրականացուցին Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբին կամաւորները: ,Ամերիկահայութեան անունով կը շնորհաւորենք ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ ապահոված թեկնածուները, ու հպարտ ենք ամերիկահայ քուէարկողներուն վճռորոշ դերակատարութեամբ, որ իր նպաստը բերաւ յատկապէս Իլինոյի մէջ` Մարք Քըրքի, Քալիֆորնիոյ մէջ` Պարպարա Պաքսըրի, Նեւատայի մէջ` Հերի Ռիտի ու Մայք Կրիմի ապահոված յաղթանակին` Մայքըլ ՄըքՄեհընի դէմ (Նիւ Եորք)ե, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան: Յիշեցնենք, թէ քոնկրեսական Մայքըլ ՄըքՄեհըն Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդդիմացողներէն մէկն էր: Յատկանշական է, որ Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող վեց ծերակուտականներէն հինգը յաղթանակ արձանագրեց. անոնք են` Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավար Հերի Ռիտ, Մարք Քըրք, Պարպարա Պաքսըր, Չաք Շումըր եւ Պարպարա Միքուլսքի: Սակայն, Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերու ջատագովներէն մէկը` ծերակուտական Ռաս Ֆայնկոլտը, չկրցաւ վերընտրուիլ` զոհ երթալով տնտեսական ճգնաժամին պատճառով դեմոկրատներուն դէմ ստեղծուած դժգոհութեան հսկայ ալիքին: Ներկայացուցիչներու տան պարագային, Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կանգնած էր 158 թեկնածուներու, 31 նահանգներու մէջ: Ըստ ոչ վերջնական տուեալներու, այդ թեկնածուներէն առնուազն 151ը յաղթանակ արձանագրած է: Անոնցմէ է Ներկայացուցիչներու տան Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն, որ հակառակ իր դէմ տարուած սուր ընտրապայքարին, կրցաւ պարտութեան մատնել իր հանրապետական մրցակիցը: Յատկանշական է նաեւ, որ հակահայ դիրքեր որդեգրած կարգ մը քոնկրեսականներ պարտութիւն կրեցին` հեռանալով Քոնկրեսէն. անոնց շարքին են` Այք Սքելթըն, Սոլոմոն Օրթիզ, Քերըլ Շիափորթըր եւ Ճան Սփրեթ: Միացեալ Նահանգներու մէջ քոնկրեսական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք, հանրապետականները առնուազն 60 աթոռ խլելով` մեծամասնութեան տիրացան Ներկայացուցիչներու տան մէջ, սակայն չկրցան Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն դառնալ, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք կրցան դեմոկրատներէն խլել 6 աթոռներ: Յաջորդ Քոնկրեսին մէջ, Նենսի Փելոզի կը դադրի Ներկայացուցիչներու տան բանբերը ըլլալէ եւ շատ հաւանական է, որ այդ պաշտօնին տիրանայ հանրապեական Ճան Պոյնըր:






Facebook
Tweet This
Email This Post
