Հայաստանի Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումները Աթէնքի մէջ

ԳԼԽԱՎՈՐ ԼՈՒՐ, Պաշտոնական, Օրվա լուր | | October 17, 2012 20:37

ՈՐՈՇՈՒԵՑԱՒ ՅՈՒՇԱԳՐԻ ՆԱԽԱԳԻԾ ՄԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՄԵՐՁԵՑՄԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՌԱՋ ՏԱՆԵԼՈՒ ԻՄԱՍՏՈՎ

Հայաստանի Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան եռօրեայ այցելութեամբ Աթէնք կը գտնուի, հանդիպումներու շարք մը իրագործելով:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ՀՀ Հանրային խորհուրդի անդամներ՝ ՀԽ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ ՀԽ գրասենեակի պատասխանատու Յակոբ Բարխուդարեան:
Երէկ Երեքշաբթի առաւօտուն հայրենի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Տնտեսական եւ Հանրային խորհուրդի նախագահ Խրիսթոս Փոլիզողոփուլոսի եւ խորհուրդի այլ անդամներու հետ: Հանդիպումին ներկայ էր Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեան:
Երկու կողմերը քննարկեցին համագործակցութեան ընդլայնման միջոցներ հանրային-հասարակական գետնի տարբեր բնագաւառներէ ներս: Աշխատանքային հանդիպումը յատկապէս կեդրոնացաւ կրթութեան մարզէն ներս համագործակցութեան արդիւնաւորման, համալսարաններու միջեւ փոխանակումներու, բնապահպանական, ուժանիւթային, տնտեսութեան վերաբերող տարբեր հարցերու, ինչպէս նաեւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու միջոցաւ տարուող գործունէութեանց:
Հայրենի պատուիրակութիւնը գնահատեց յունական կողմի փորձառութիւնը հանրային-գիտական-քաղաքական մարզերէն ներս, իսկ յունական կողմը համագործակցութիւնը ընդլայնելու պատրաստակամութիւն յայտնեց:
Յաջորդաբար հանդիպում կայացաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ, ուր հայրենի պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն ունեցաւ փոխ նախարար Գոնսթանտինոս Ցիարասի հետ:
Փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշուեցաւ յուշագրի նախագիծ մը պատրաստել Եւրոպական Միութենէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան մերձեցման քաղաքականութիւնը յառաջ տանելու իմաստով:
Երէկ երեկոյեան ՀՀ դեսպանութենէն ներս հրաւիրուած հաւաքի մը ընթացքին, տեղի ունեցաւ ՀՀ Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեանի հանդիպումը յունահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Բազմաթիւ հարցեր քննարկուեցան զրոյցի ընթացքին:
Վազգէն Մանուկեան հարցազրոյց մը շնորհեց «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան, որը կը հրատարակենք մօտ օրէն:

Դիտվել է 1438 անգամ:
Print Friendly

Leave a Reply