Համալիր ծրագիրներու անհրաժեշտութիւն (Շուշիի ազատագրութեան 20–ամեակին առիթով)

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, Օրվա լուր | | May 10, 2012 10:44

Շուշիի ռազմավարական կարեւորութեան, քաղաքի բնակեցման, մշակութային մայրաքաղաքի վերածման անհրաժեշտութիւններուն մասին խօսիլը բացառապէս յոբելենական առիթներու պէտք չէ ըլլայ: Անկասկած, որ ողջունելի է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութիւններու համապետական մակարդակներով Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակը տօնակատարելը: Շուշին սակայն փառատօնային նշանակութիւն չունի միայն:
Յոբելեանը առիթ է պարզապէս համայն հայութեան ուշադրութիւնը անառիկ բերդին վրայ կեդրոնացնելու` հերթական անգամ համոզուելու համար անոր ներկայացուցած ռազմավարական անփոխարինելի նշանակութեան մասին: Բայց նաեւ առարկայական գնահատական տալու, որ շրջանային մակարդակով կարեւորութիւն ներկայացնող այս ամրոցին նկատմամբ պետական-հասարակական ի՞նչ քաղաքականութիւն կը կիրարկուի, ի՞նչ տեսակի ծրագիրներ կը մշակուին ու կ՛իրականանան եւ թէ Շուշին իբրեւ աշխատանքային միջավայր որքանո՞վ ներկայ է պետութեան, միութիւններուն, թէ սփիւռքեան կառոյցներու գործադաշտին մէջ:
Ճիշդ է, որ նպատակաուղղուած ձեւով առիթը կ՛օգտագործուի ռազմական շքերթ ցուցադրելու եւ այդ ճամբով ինչպէս զինուորական, այնպէս նաեւ քաղաքական պատգամներ յղելու. ինչ որ ընդգծուած ձեւով հրամայական անհրաժեշտութիւն է ի տես` ազրպէյճանական կողմէն շարունակուող հրադադարի հետեւողական խախտումներուն, ռազմատենչ հռետորաբանութեան աստիճանաչափի բարձրացման, յայտարարողական սպառնալիքներու ահագնացումին, ռազմական նախահաշիւներու անվերջ ուռճացումներուն:
Արցախեան ռազմաշքերթին արտակարգ տարողութիւն տալը, յար եւ նման Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած զինուորական տողանցքին, այս առումներով ունի իր արդարացուած տրամաբանութիւնը:
Ռազմական պատրաստուածութեան ցուցադրութիւնը կամ ռազմաարհեստավարժութեան գերյագեցուածութեան բացայայտումը միայն հակառակորդին ուղղուած պատգամ չէ անշուշտ: Ներազգային մակարդակի վրայ ժողովուրդի բարոյահոգեբանական իրավիճակի բարձրացումին նպաստող մղում է:
Այս բոլորը սակայն կրնան կարճատեւ հանգրուաններու համար ազդեցիկութիւն պահել: Ի վերջոյ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութիւններուն թիւ մէկ օրախնդիրը ժողովրդագրական պատկերի պահպանումն է` սկսելու համար: Բարելաւում ակնկալելը այս պայմաններուն մէջ, երբ արտահոսքի արիւնահեղութիւնը թափ կը ստանայ, պարզապէս իրատեսական պիտի չըլլար:
Ժողովրդագրական պատկերը կայուն կը պահուի, երբ կենսակերպի հետ առնչուած անմիջական հարցերուն լուծում բերելու մօտեցումներ ցուցաբերուին: Երբ տարրական կարիքներու` բնակարանային, կրթական, առողջապահական խնդիրներէն սկսեալ մինչեւ աշխատատեղերու, աշխատավարձերու եւ կենսաթոշակներու հետ կապուած հանգուցաւոր խնդիրներ սկսին հանգուցալուծուիլ եւ որոշ հեռանկարներ պարզել: Առանց այս հիմնախնդիրները դէպի լուծում առաջնորդող աշխատանքներու ուրուագծման արագ մարող հրավառութեան կը նմանին փառատօնային արարողութիւնները, թէկուզ որ կարճատեւ խանդավառութեան ժողովրդային ալիքներ բարձրացնեն:
Սահմանամերձ տարածքներու վրայ, նոյնինքն Շուշիի թէ առհասարակ Արցախի Հանրապետութեան մէջ բնակեցման քաղաքականութիւնը ինքնին համակողմանի ուսումնասիրութեան եւ հետեւողականութեան երաշխիքները զսպանակած եթէ չըլլայ, որոշ հանգրուանէ ետք խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ բնակեցուողին դիմադրողականութիւնը:  Քաղաքականութեան բազմակողմանիութիւնը համալիր ծրագիր կ՛ենթադրէ, որ ճանապարհաշինութենէն մինչեւ բնակարան, աշխատատեղիէն մինչեւ դէպի բարեկեցութիւն յուսադրող ապրուստի միջոց, կրթական հաստատութիւններէն մինչեւ մշակութային բնագաւառի առաջնորդող ուղիներու հարթում. եւ տակաւին`բարձրագոյն ուսումէն մինչեւ ասպարէզներու շուկայի ձեւաւորում ու ներդրումային դաշտ կրնան նպաստել ժողովրդագրական պատկերի բիւրեղացման առաջադրանքի իրագործման:
Այս բոլորին համար կենսական է համահայկական ուշադրութեան սեւեռացումը` Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն եւ սփիւռքեան կառոյցներուն կողմէ: Լիբանանահայութիւնը  հրաւիրուած է ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հիմնահարցին ի նպաստ իր լուման ներդնելու, իր մասնակցութիւնը բերելու: «Արցախ Ֆոնտ»-ի կազմակերպած ռատիոթոնը Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին առիթով այդ ուղղութեամբ ձեռնածալ չմնալու կոչ է, հրաւէր է` մեծ առաջադրանքի իրագործման համար անտարբեր չմնալու: Մասնակցելու:

Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր

Դիտվել է 925 անգամ:
Print Friendly

Leave a Reply