Բեյրութ- Աննախադէպ տարողութեամբ բողոքի ցոյց թրքական դեսպանատան առջեւ

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, Օրվա լուր | | April 25, 2012 13:04

25.000 հայ ցուցարարներ՝ թրքական դեսպանատան առջեւ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ աննախընթաց տարողութեամբ բողոքի ցոյց թրքական դեսպանատան առջեւ, որուն մասնակցեցան 25.000 հայորդիներ։
Անթիլիասի նահատակաց յուշարձանին առջեւ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութենէն եւ Արամ. Ա. Կաթողիկոսին պատգամը լսելէ ետք տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ քայլարշաւով մեկնեցան դէպի թրքական դեսպանատուն ,որուն առջեւ վեր բարձրացուցին հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու վերականգնման պահանջը բողոքելով Անգարայի ժխտողական քաղաքականութեան դէմ։
Միջազգային, շրջանային եւ լիբանանեան ԶԼՄները բողոքի գործողութեան տարողութիւնը նկատեցին աննախադէպ։

Դիտվել է 1200 անգամ:
Print Friendly

Leave a Reply